2014-05-05 12:58:16

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 5 մայիսի գործունէութիւնը` հանդիպում Զուիցերական Պահակագունդի անդամներուն հետ ։


Երկուշաբթի, 5 մայիսի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Լիմայի Արքեպիսկոպոս կարտինալ Խուան Լուիս Չիփրիանի Թորնը որմէ ետք ընդունեց Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Մարէք Սոլչինսքին։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց Միացեալ Նահանգներու “Conference of Major Superiors of men” հաստատութեան նախագահական մարմնի անդամները ու ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Պուրունտիի եպիսկոպոսական համաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ժամը 12,15 անց ընդունեց Քուպայի Լա Հապանայի Սուրբ Քրիստոպալի Արքեպիսկոպոսը` Կարտինալ Ժայմ Լուքաս Օրթեկա Ի Ալամինոն ու ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական Զուիցերացի պահակագունդին, նոր պահակներու երդման արարողութեան նախօրեակին։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ` ուրախութեամբ կ՛ընդունիմ ձեզ, այս կարեւոր տօնի օրուան առիթով։ 6 մայիսը թուական մըն է որ դրոշմուած է ձեր մտքերուն մէջ ու ձեզի եզակի ուրախութեան առիթ է, ապրելու Զուիցերական Պահակագունդի ձեր անդամակցութիւնը։ Յատուկ օր մըն է որուն ընթացքին կը յիշատակուի Հռոմի Թալանումը եւ կ՛ոգեկոչենք ձեր նախորդներուն հերոսական զոհաբերումը, 1527 թուականին, պաշտպանելու` Եկեղեցին ու Քահանայապետը։
Այսօրուայ Ընկերային եւ Եկեղեցական միջավայրը փոխուած է, սակայն մարդու սիրտը ու անոր հաւատարիմ եւ վեհանձն ըլլալու կարողութիւնը մնացած են նոյն եւ նման։ Ձեր ծառայութիւնը իսկական վկայութիւն մըն է ու ասոր համար ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն կը ներկայացնեմ երախտական իմ անկեղծ զգացումներս։
Զուիցերական պահակագունդին մէջ ծառայել կը նշանակէ ապրիլ իւրայատուկ իրականութիւն մը։ Ձեր գործունէութեամբ կանչուած էք տալու` ուրախ եւ անդորր քրիստոնէական վկայութիւն մը, բոլոր անոնց որ Վատիկանը եւ Սուրբ Պետրոսը կը յաճախեն։ Ամուր մնացէք ձեր հաւատքի ապրումին մէջ եւ առատաձեռն եղէք բոլոր ձեր հանդիպած անձերուն հանդէպ, ըսաւ Քահանայապետը ու ապա անդրադարձաւ Զուիցերական պահակագունդի ''համազգեստին'' որ 100 տարեկան է եւ որուն գոյները ճանչցուած են ամենուրէք։ Այդ ամէն համազգեստի ետին կայ անձ մը, ընտանիք մը եւ երկիր մը։ Անձ մը որ ունի իւրայատուկ նկարագիր եւ զգայնութիւն, իղձեր ու կեանքի ծրագիրներ։ Ասոր համար յիշեցէք թէ զգեստը չէ՛ այլ դուք էք որ ձեր բարեկիրթ, ազնիւ եւ հիւրընկալութեան հոգին կը կերտէք։
Սիրելի Զուիցերական պահակագունդի անդամներ, ամէն օր կը փորձարկեմ ձեր յանձնառումը ու ասոր համար ձեզի երախտապարտ եմ։ Եղէք միշտ հաւատարիմ ձեր կոչումին, վստահութիւն ունենալով որ Տէրը միշտ ձեզի կ՛ընկերակցի ու ձեզի նեցուկ է, ձեր ճանպարհորդութեան ընթացքին։ Ան երբեք ձեզ մինակ չի թողուր։ Ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն կը յայտնեմ իմ մօտիկութիւնս ու ձեզի կը դնեմ Աստուածամօր հովանիին ներքոյ ձեզի տալով իմ առաքելական օրհնութիւնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.